«Քովիտ 19 համաճարակը» առանցքը կազմեց Սրբազան Պապին երկարաշունչ ճառին։ «Համաճարակը սահման չի ճանչնար ու անոր յաղթահարումը իւրաքանչիւրի եւ երկիրներու պատասխանատուութիւն է» դիտել տուաւ Քահանայապետը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Անցեալ 25 Յունուարին նախատեսուած եւ Քահանայապետի անհանգստութեան պատճառաւ յետաձգուած Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ Քահանայապետի տարէսկիզբի հանդիպումը տեղի ունեցաւ այսօր՝ երկուշաբթի 8 Փետրուար 2021-ի առաւօտեան։
Վատիկանի հետ դիւանագիտական կապեր ունեցող երկիրներուն թիւը 183 է, ասոնց պէտք է աւելցնել Եւրոպական Միութիւնը եւ Մալթայի Ասպետական կարգը։ Այդ երկիներէն 88 ունին Հռոմի մէջ նստավայր, որոնց շարքին է նաեւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դեսպանութիւնը։
Նորին Սրբութեան դիւանագէտներուն հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Առաքելական Պալատի Օրհնութիւններու սրահին մէջ, «յարգելու համար ընկերային հեռաւորութեան դրութիւնները» ըսաւ Քահանայապետը այս առթիւ երկայնացուցած իր ճառին սկիզբը, նկատել տալով՝ որ «հեռաւորութիւնը միայն ֆիզիկական է» ու «այս հանդիպումը կը խորհրդանշէ հակառակը»։ Ան նշան է մօտիկութեան եւ «փոխադարձ աջակցութեան, որուն պէտք է ձգտի ազգերու ընտանիքը»։